2009-01-17 11:16:58

Ընտանիքի համաշխարհային Զ. հանդիպումը Մեքսիքոյի մէջ` համաշխարհականացումի անդրադարձը ընտանեկան հաստատութեան վրայ։


Շաբաթ՝ 17 Յունուարին Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին մէջ, հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ մը, վերջ կը գտնէ ընտանիքներու համաշխարհային աստուածաբանական-հովուական հանդիպումը։ Վաղը` կիրակի 18 Յունուարին կարտինալ Պերթոնէ հանդիսաւոր պատարագով կ՛եզրափակէ Մեքսիքոյի ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը։

Աստուածաբանական-հովուական հանդիպումին ընթացքին զանազան նիւթեր վերլուծուեցան, ի մէջ այլոց ընտանիքի դաստիարակիչ առաքելութիւնը եւ ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրները, նախապէս խօսուեցաւ ՜՜ համաշխարհականացումի անդրադարձը ընտանեկան հաստատութեան վրայ՝՝ նիւթին մասին, ուր կը նշմարուի ընկերային առաքինութիւններու կորուստը թէ անհատական եւ թէ հանրային գետնի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.